Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 30, 2020

Նոյեմբերի 30-ին՝ այսօր ձմրան առաջին ձիւնը տեղաց։ Սակայն Միջպետական և հանրապետական նշանակութեան բոլոր ճանապարհները բաց են: Կը կատարուին ճանապարհներու մաքրութեան ՝ աղով- աւազով մշակման աշխատանքներ:

Մասնաւոր այցով Մոսկուայի մէջ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ռուսաստանահայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպման մասնակիցները իրենց հարցերու միջոցավ ուզած են անմիջապէս Հայաստանի նախագահէն տեղեկանալ Արցախի շուրջ վերջին զարգացումներու և Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ իրավիճակէն դուրս գալու ելքերու մասին՝ ներկայացնելով նաեւ իրենց առաջարկները։

Հայաստանի նախագահը վերստին շեշտած է, որ պէտք է ոտքի կանգնինք, իսկ այդ կարելի է, եթէ ձեռք ձեռքի տանք, մոռնանք մեր տարբերութիւնները հասկնանք, որ բոլորս հայ ենք, բազմամիտք, բազմագաղափար։

Ան նշած է, որ 26 տարի առաջ մենք իսկապէս ունէինք տարածաշրջանին մէջ ամենահզօր բանակը։ Յետագայ տարիներուն Ատրպէյճանը հսկայական գումարներ կը ծախսէր զօրանալու համար, իսկ մենք դեռ կ՛ապրէինք անցեալի փառքով, այդ իսկ պատճառով այս պատերազմին անոնք ունէին անօթաչուներ, իսկ մենք՝ ոչ։ Հաջորդ պատերազմը արհեստական բանականութեան մասնակցությամբ ըլլալու է։

Նախագահը ըսած է, որ պէտք է զբաղիլ գիտութեամբ, նոր արհեստագիտութեամբ , կրթութեամբ՝ վերստին չպարտուելու համար։ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի հերոս Ջալալ Հարութիւնեանի առողջական վիճակը լաւ է, ան 2-3 օրուան ընթացքին դուրս կը գրուի հիւանդանոցէն:

Այս լուրը յայտնեց ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատւութեան և հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը:

Back to top button