ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 13 Յունիս. 2024

Բաղրամեան պողոտայի վրայ երէկ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով բժշկական օգնութեան դիմած է 101 քաղաքացիական անձ եւ ոստիկան, յայտնեցին Առողջապահութեան նախարարութենէն։

Խորհրդարանը կը շարունակէ քննարկել Հայաստանի Հանրապետութեան 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութիւնը:

Մարդկային իրաւանց պաշտպանը արձանագրած է՝ Ոստիկանութեան բաժիններ եւ բժշկական հաստատութիւններ այցի ընթացքին արձանագրուած բոլոր դէպքերը պիտի ներկայացուին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն։

Back to top button