ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 12 Յունիս. 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինին՝ Ռուսաստանի օրուան առիթով:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ նիստը, որուն արդիւնքներուն վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները։

Երրորդ օրն է՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները Բագրատ Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, փակ կը պահեն Բաղրամեան պողոտան։ Բագրատ Գալստանեան յայտարարեց, որ այսօր չափազանց կարեւոր օր է իրենց համար:

Back to top button