ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 9, 2020

Գիշերը ՊԲ ստորաբաժանումները պաշտպանողական մարտեր վարած են ճակատային գիծի հարաւ-արեւելեան, հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ուղղութիւններով:

Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ ուժգին մարտեր ընթացած են թշնամական յայտնաբերուած խմբաւորումներու դէմ, որու հետեւանքով թշնամին, կորսնցնելով մեծ քանակութեամբ ուժեր, նահանջած է: Իւրային զօրքերը զբաղցուցած են առաւել նպաստաւոր բնագիծեր: Նշուած ժամանակահատուածին մէջ ճակատային գիծի տարբեր ուղղութիւններով ոչնչացուած է թշնամական ուժերուն պատկանող 1 հրասայլ, 4 միաւոր ռազմամեքնայ եւ 8 անօդաչու թռչող սարք:

Հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ ընթացող գործողութիւններու շնորհիւ բանակային ստորաբաժանումները առգրաւած են նաեւ թշնամական 1 հրասայլ եւ հրետանային միջոցներ:

Մարտական գործողութիւններու վարման ամբողջ ընթացքին հակառակորդը շարունակած է օդային եւ հրթիռա-հրետանային հարուածներ հասցնել Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերուն: Առաւօտեան ճակատային գիծի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով թշնամական ուժերու յարձակման փորձերը վերսկսած են: Մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ։

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը գրեց. «Քարինտակի ուղղութեամբ յայտնաբերուած խմբաւորումը կ’ոչնչացուի հրթիռա-հրետանային հարուածներով ։ Թշնամին ունի մեծ կորուստներ» ։

Back to top button