Հայրենադարձի արկածները

Երանի՜ գան, տեսնեն ու վայելեն մեր հայրենիքը. Սիրարփի Յակոբեան․ «Հայրենադարձի արկածները»

Սիրարփի Յակոբեան տասնչորս տարի առաջ Հալէպէն Հայաստան եկած է. ան հարսանիքի հրաւիրուած էր և որոշած է մնալ ու այլեւս չվերադառնալ։

«Հալէպի պատերազմը սաստկացաւ, քոյրերս կ՛ըսէին՝ մի գար Հալէպ: Էջմիածինէն տուն մը գնուեցաւ. հօրս փափաքն էր Էջմիածին հաստատուիլը»։

Սիրարփի Էջմիածինը չէր գիտեր.

— Էջմիածինը փոքրիկ, ամփոփ եւ խաղաղ քաղաք մըն է,— կ՛ըսէ ան։

Լեզուական տարբերութիւններու մասին խօսելով՝ Սիրարփի կը նշէ, թէ տարբերութիւնները շատ են, բայց «մենք ուր ալ երթանք, պէտք է հետեւինք այնտեղի փոփոխութիւններուն»։ Հալէպի մէջ Սիրարփիին դրացուհին հայաստանցի էր. ան կ՛ըսէր՝ «Իմ երեխէքս պարապում են»։

— Ի՞նչ է «պարապ» բանը,— կը մտածէի. յետոյ հասկցայ, որ ըսել կ՛ուզէ, թէ երեխաները դաս կը սորվին։

Այսօր Սիրարփիին դրացիներն արդէն վարժուած են արեւմտահայերէնին։ Ան բառերու շարք մը թուեց արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի տարբերութիւններուն մասին, ինչպէս օրինակ՝ քակել եւ քանդել (թելը պիտի քակես, այլ ոչ թէ քանդես) կամ ապսպրել եւ պատուիրել եւ այլն։  

Ան Հալէպէն իր հետ բերած է իր սովորութիւնները, համեմունքներն ու Սասունի ճաշատեսակները։

— Հայաստանը միշտ սիրած եմ, չեմ մտածեր ետ դառնալու մասին,— կ՛ըսէ ան։

Սիրարփի Յակոբեան կոչ կ՛ուղղէ իր հարազատներուն. «Երանի մէյ մը գան ու տեսնեն, վայելեն մեր հայրենիքը»։ Մեր հիւրը գրեթէ հարթած է իր բոլոր դժուարութիւնները Էջմիածինի մէջ։

Կարդացեք նաև

Back to top button