
Սուրիա ծնած, վերջին 10 տարիները Հոլանտա ապրած Արմանի Սելիմեան որոշած է գալ եւ հաստատուիլ Հայաստան։ Մենք հանդիպեցանք իրարու Երեւանի Աւետարանչական կեդրոնէն ներս՝ «Artisyan»-ի միջոցառման առիթով։
Արմանիի գաղափարը կը խօսի երկու վիճակներու մասին. մեր ներկայ վիճակը եւ այն, ինչ որ կը զգանք, թէ կրնայ հնարաւոր ըլլալ։ Եւ փոխանակ այս հարցը միայն հանրութեան կամ համակարգերուն հետ կապելու, անիկա կրնայ շատ պարզ ձեւով սկսիլ մարդ անհատէն։

Երբ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ Երեւանը, ան պատասխանեց․ «Երեւանը շատ տաղանդներ ունի, բայց միասնական ոգի չկայ. նպատակը «Artisyan»-ի միջոցով տարբեր ոլորտներու մարդիկ քով քովի բերելն է»։
«Պիտի փափաքիմ, որ գիտնանք բացթողումները, անոնք ընդունինք, եւ գիտակցաբար ու քննադատական մօտեցումով այդ բացթողումները արգելք չըլլան մեր դիմաց եղած հնարաւորութիւններուն։ Որպէս հաւաքական ուժ՝ մենք շատ գեղեցիկ բաներ կրնանք ստեղծել», ըսաւ Արմանին։
Արմանիին համար ամենամեծ բացթողումը միասնական ոգիի պակասն է, իսկ ամենամեծ նպատակը՝ միասնական հարթակ ստեղծելը։ «Իմ առաջին սէրս էր Երեւանը, այն ատեն որոշեցի, թէ ի՞նչ կ՛ուզեմ ընել։ Երկու անգամ չմտածեցի Հայաստան գալու մասին», կ՛ըսէ Արմանի Սելիմեան։




