Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 31 Մայիս. 2023

Ամերիկան կ՛ակնկալէ, որ Յունիս 1-ին Քիշինեւի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ հանդիպումը կ՛ըլլայ կառուցողական ՝ բանակցային սեղանին առկայ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման տեսանկիւնէն։ Ըսուած է պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրի տարածած յայտարարութեան մէջ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր անդամները ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Խարապեանի գլխաւորութեամբ: Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ կառավարութեան՝ ի նպաստ Հայրենիքի մէջ առկայ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու լուծման:

31 Մայիսը Ծխախոտի դէմ պայքարի համաշխարհային օրն է։ Այս տարուայ կարգախօսն է՝ «Մենք կարիք ունինք սնունդի, ոչ թէ ծխախոտի»:

Back to top button