Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 24, 2022

Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, հրաժարական ներկայացուցած է Յունուար 23-ին ։ Հայաստանի նախագահը մէկ շաբաթ ժամանակ ունի հրաժարականի դիմումը ետ վերցնելու համար։

Մինչեւ Հանրապետութեան նորընտիր նախագահի պաշտօնի ստանձնումը՝ Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը, այսինքն՝ նախագահի պարտականությունները ժամանակաւոր կը կատարէ Ալէն Սիմոնեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 24-ին ուղիղ եթերով պիտի պատասխանէ լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հարցերուն։

«Յունուար 24-ին, ժամը 20.00-ին՝ դիմատետրի էջին ուղիղ եթերով պիտի պատասխանեմ լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հարցերուն»: Գրած է Վարչապետը։

Back to top button