Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 27, 2021

Այսօր 1999-ին Հոկտեմբեր 27-ին Ազգային Ժողովին մէջ ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Օրէնսդիր մարմնի դահլիճ ներխուժած 5 հոգիէն բաղկացած զինեալ խումբի կրակոցներէն զոհուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեան, վարչապետ Վազգէն Սարգսեան, փոխնախագահներ Ռուբէն Միրոյեան, Եուրի Բախշեան, պատգամաւորներ Միքայէլ Քոթանեան, Հենրիկ Աբրահամեան, Արմենակ Արմենակեան եւ նախարար Լեոնարդ Պետրոսեան:

Յանցախումբին դատավարութիւնը տեւեց 3 տարի, որուն արդիւնքով հանցախումբի անդամները դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման: Կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքի նախագիծը ընդունուեցաւ, ըստ որուն Ամանօրեայ տօներուն ոչ աշխատանքային սահմանել միայն Դեկտեմբեր 31-ը, Յունուար 1-ը եւ 6-ը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան պատմական այց կատարեց դէպի Սէուտեան Արապիա: Հայ-արաբական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այցի շրջածիրէն ներս Հայաստանի նախագահը այցելեց «Ապագայ ներդրումային նախաձեռնութիւն» խորագիրով 5-րդ համաժողով։


Back to top button