Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Ապրիլ 12, 2021

Եվրոպական խորհրդարանին մէջ այսօր Ապրիլ 12-ին քննարկում տեղի կ՛ունենայ, հայ գերիներու անյապաղ վերադարձի հարցերով ․ կը յայտնէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան: Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ որոնողական աշխատանքներ այսօր չեն կատարուիր: Ամենայն հաւանականութեամբ այն կը շարունակուի վաղը:

Յայտնաբերուած եւ կամովին յանձնուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յորդորէ մարտերուն մասնակցած եւ ռազմական գործողութիւններուն կամ հրադադարի հաստատումէն յետոյ իրենց հետ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ապօրինի փոխադրած եւ պահած զէնք-զինամթերքը, պայթուցիկ նիւթերը ինքնակամ յանձնել իրաւապահ մարմիններուն, որպէսզի գործողութիւնները օրէնքով սահմանուած կարգով հիմք հանդիսանան անձին քրէական պատասխանատւությունէն ազատելու համար:

Back to top button