Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 30 Յունուար. 2025

• Իրաքլի Քոպախիծէն այսօր Հայաստան կը ժամանէ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ առանձնազրոյց մը նախատեսուած է։
• Վրաստանը տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան կողմնակից է եւ պատրաստակամ է կարելին ընելու այդ նպատակին հասնելու համար, այսօր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Վրաստանի ԱԳ նախարար Մակա Պոճորիշվիլին։
• Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ ըրած է ազատ արձակել հայ ռազմագերիներն ու պահուող անձերը։
• Ջերմուկի մէջ 19 երկրէն 1300 պատուիրակ պիտի մասնակցի Համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերուն։
• Ուաշինկթընի մէջ American Airlines ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը, որուն մէջ եղած է 64 ճամբորդ՝ ռազմական ուղղաթիռի մը հետ բախման հետեւանքով, ինկած է գետը։

Կարդացեք նաև

Back to top button