
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ տեղի ունեցած է ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կը յայտնեն Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն։ Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն կը յայտնեն, որ աշխատանքի կը հրաւիրեն զինուորական ծառայութիւն անցած քաղաքացիները։ Եթէ զօրացրուած էք 2020 թուականէն յետոյ եւ ունիք աշխատանքի կամ վերապատրաստման կարիք, ապա կարող էք դիմել Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն։ Անգլիոյ թագաւոր Չարլզ 3-րդ քաղցկեղով ախտորոշուած է։ Աշխարհի շարք մը երկիրներու ղեկավարներ մտահոգութիւն յայտնած են թագաւորի առողջութեան համար։ Անգլիոյ ազգային պալէն Երեւանի մէջ հանդէս պիտի գայ «Ժիզէլ» ներկայացումով։




