Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 27 Յուլիս. 2023

Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող 19 բեռանատարները դեռ կանգնած են Կոռնիձոր գիւղի սահմանային հատուածին:

. Ռուսաստանի խաղաղապահներու կողմէն դեռ որեւէ արձագանգ չկայ:

.Պաշտօնական Պաքուն անմիջապէս արձագանգեց եւ հայկական կողմը մեղադրեց առանց իրենց հետ համաձայնութեան Արցախ բեռնատարներ ուղարկելու յանցանքով՝ «Մարդասիրական բեռ»ի անուան տակ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եղածը նկատեց «ոտնձգութիւն» եւ «իր տարածքային ամբողջականութեան» հանդէպ «սադրանք»:

.Մեր աչքինառջեւ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտման՝ Ալիեւի կանխամտածուած արշաւը։ Այդ մասին Twitter-ի մէջ գրած է Ամերիկայի Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրենք Փալոն։

Կարդացեք նաև

Back to top button