
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 22 Յունիս ժամը 12:50-էն մինչեւ 22։45 Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը շփման գիծի Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ շրջաններու ուղղութեամբ հրադադարը խախտած են կիրառելով հրաձգային զէնքեր։
Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ ապահով մուտքի երաշխաւորում» բանաձեւը եւ խորհրդատուութիւնները: Այս մասին յայտնեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանցիներուն առաջարկած շուրջ 60 փոփոխութիւնները մերժուեցան:
Այս օրերուն հայկական Krisp-ը կը մասնակցի Լաս Վեկասի մէջ ընթացող ամենամեծ ցուցահանդէսին: Krisp-ի համահիմնադիր Դաւիթ Պաղտասարեան գերակայ նպատակ կը համարէ Հայաստանի մէջ արտադրանք մը ստեղծելը, որը սիրուած ըլլայ ամբողջ աշխարհի վրայ։




