Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 21 Փետրուար. 2023

Երէկ երեկոյեան 2 նոր ուժգին երկրաշարժ՝ 3 վայրկեան տարբերութեամբ 6,4 եւ 5,8 մագնիտուդ ուժով Թուրքիոյ մէջ. կան զոհեր, տուժածներ, փլուզումներ։ Ցնցումները զգացած են Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Սուրիոյ մէջ հայկական Քեսապը երկրաշարժի կեդրոնին ամէնէն մօտ տարածքն է: Երեկոյեան տեղի ունեցած երկրաշարժային յետցնցումէն ամէնէն շատ ազդուած է Քեսապը։ Ցնցումը ուժգին եղած է։

Բնակչութիւնը դուրս եկած է բնակարաններէն, ապաստանելով ակումբին կամ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ։ Այսօր երկրաշարժ մըն ալ Իրանի հարաւը պատահած է 5,3 մագնիտուդ ուժով: Եւրամիութեան առաքելութիւնը առաջին հերթապահութիւնը կատարեց Հայաստանի մէջ. Առաքելութեան շտապ-կեդրոնը բացուեցաւ Վայոց ձոր մարզի Եղէգնաձոր քաղաքին մէջ։

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան Ատրպէյճանի կողմէն փակուած ըլլալուն պատճառով այսօր՝ 8 անձ, «Կարմիր խաչ» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է Հայաստանի մասնագիտացած հիւնադանոցներ։

Կարդացեք նաև

Back to top button