Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 13 Յունուար. 2023

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով Երեւան ժամանեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահն ու ֆրանսացի պատգամաւորներ: Այսօր Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը աւերիչ հետեւանքներ ունի արդէն իսկ խոցելի տարածաշրջանին համար:

Չնայած այն պնդումներուն, որ շրջափակումը կը կատարուի «էքօցուցարարներուն» կողմէ, սակայն վերջնական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի վարչակարգը: Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ գրած են Ամերիկայի սենաթորները։ Ամիսէ մը աւելի շրջափակումի մէջ գտնուող Արցախի մէջ անջատուած է նաեւ մնայուն համացանցը, իսկ շարժական համացանցը խափանումներով կը գործէ:

Կարդացեք նաև

Back to top button