
Ատրպէյճան ոչ միայն փակեց Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան՝ այլ նաեւ դադրեցուց Արցախի Հանրապետութեան կազի մատակարարումը։ Եղանակային այս դժուար պայմաններուն երկնագոյն վառելիքի մատակարարումը դադրեցնելը մարդասիրական ու տնտեսական ահաբեկչութիւն է, որը Ատրպէյճան կ՛իրականացնէ Արցախի խաղաղ բնակիչներուն դէմ: Կը յայտնեն Արցախի շտապէն։
Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը փակելու հետ կապուած այսօր Ազգային ժողովը արտահերթ նիստ կը գումարէ ։ Ամերիկան, Եւրոպական միութիւնը եւ Ֆրանսան կոչ ըրած են վերականգնել Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը։





