ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 5. 2022

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է , որ ուղիղ կապ կը պահպանէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ, կը փոխանցէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։ «Քանի որ փոխգործակցութիւնը վերսկսելու լաւագոյն միջոցը՝ այդ ուղիղ կապի պահպանումն է», — ըսած է Մաքրոն։ Անոր խօսքով՝ տուեալ պարագային մեկուսացումը ամենագէշ տարբերակն է:

Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը, կը հաղորդեն Ռուսաստանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութենէն:

Այսօր՝ 5 Դեկտեմբերին, ժամը 19։00-ին, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 20-րդ «Մանկական Եւրատեսիլի» բացման արարողութիւնը։ 16 մասնակիցներ կարմիր գորգին վրայէն անցնելով պիտի մտնեն Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ, վիճակահանութեամբ պիտի որոշուի մրցոյթի հերթականութիւնը ապա պիտի վառեն գլխաւոր տօնածառի լոյսերը։

Կարդացեք նաև

Back to top button