
Եւրամիութեան դիտորդներու նախնական խումբը Երեւան ժամանած է։ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Թուիթըրի մէջ գրած է. «Այսօր ԵՄ դիտորդներու առաջատար խումբը ժամանած է Երեւան։ 27 անդամ երկիրներ արագ արձագանգեցին Հայաստանի խնդրանքին։ Տեղակայման նպատակն է իրավիճակի մշտադիտարկում եւ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին աջակցութիւն տրամադելը` կայունացման նպատակով»։
Ասթանայի մէջ ԱՊՀ Անկախ Պետութիւններ Համագործակցութեան գագաթաժողովն է : Ս ոյն ժողովին կը քննարկուին մարդասիրական գործընկերութեան, անվտանգութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը։ Նեղ կազմով հանդիպման պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ յաջորդելու է ընդլայնուած հանդիպումը:Նիստին կը մասնակցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Ռուսաստան՝ եռակողմ հանդիպում ունենալու նպատակով: Փութին նաեւ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան, ուր ան մեղադրած էր Ռուսաստանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը սրելու, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու մէջ: Ռուսաստանի նախագահը նշած է, որ այդ յայտարարութիւնները անընդունելի են:




