ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 15, 2022

Հայ-ատրպէյճան սահմանին իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Փետրուար 15-ին կրկին ապատեղեկատւութիւն տարածեց, պնդելով, թէ Փետրուար 14-ին եւ 15-ին Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճան սահմանի հիւսիս-արեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։

Սոյն թուականի Փետրուար 14-ին, տեղական ժամանակով ժամը 21:03-ին Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Սէյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ արձանագրուած է ՝ Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի` Պաւրա բնակավայրէն 13 քմ․ հիւսիս-արեւելք, օջախի 10 քմ․ խորութեան 3.0 մակնիթուտ երկրաշարժ: Երկրաշարժը զգացած են Շիրակ մարզի Մեծ Սեպասար եւ Սարագիւղի բնակիչները 3 բալ ուժով:

Հայաստանի հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշադիր կը հետեւի Ուքրանիոյ իրավիճակի զարգացումներուն «Քիեւի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը եւ Օտեսայի մէջ գլխաւոր հիւպատոսարանը կ՛աշխատին բնականոն ձեւով ` մշտական կապի մեջ ըլլալով Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ, որոնց ըստ անհրաժեշտութեան, կը տրուին լրացուցիչ ուղղորդումներ»,- գրած է Վահան Յունանեանը:

Կարդացեք նաև

Back to top button