
Ռուսաստանն ու Ֆրանսան հաստատեցին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքի կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին:
Յայտարարեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ֆրանսացի գործընկերոջ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ բանակցութիւններէն յետոյ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստօրէն կը դատապարտէ 3 Փետրուարին Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ յայտնուած հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային կոթողները քանդելու եւ ինքնութիւնը փոխելու նպատակով աշխատանքային խումբի ստեղծելու մասին, ըսուած է նախարարութեան խօսնակ Վահան Հունանեանի տարածած յայտարարութեան մէջ։
Կրթութեան ոլորտին մէջ, բովանդակային փոփոխութեան զուգահեռ, ենթակառուցվածքներու բարելաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը եւս Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է։ Գրած է փոխ վարչապետ Համբարձում Մաթէոսեան դիմատետրի էջին։
Մինչեւ 2026 թուական նախատեսուած է կառուցել, եւ նորոգել առնուազն 300 դպրոց եւ 500 մանկապարտէզ Հայաստանի ամբողջ տարածքին։




