
Ադրբեջանէն Հայաստան վերադարձուեցաւ մէկ գերի եւս։ Յայտարարեց փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան։ «Հայաստան վերադարձուեցաւ Դավիդեան Արթուրը, որը Արցախի սահմանը անցած է 2021 թուականի Օգոստոսին»,-մանրամասնեց Պապիկեան:
Ան վստահեցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն գերիները վերադարձնելու համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան միջնորդութիւն ներկայացուցած է հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանն ու խորհրդարանի երեք այլ պատգամաւորները անձեռնմխելիութենէն զրկելու վերաբերեալ:
Իտալիոյ Սանթ Անտրէա այգիին մէջ պիտի տեղադրուի Յովհաննէս Թումանեանի կիսանդրին։




