
• Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա մեկնած է ։ Մաքրոն խոստացած է Ֆրանսան դարձնել եւրոպական արհեստական բանականութեան մայրաքաղաք։
• Հայաստանը պատրաստ է խորացնել Լիբանանի հետ համագործակցութիւնը, գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` X-ի հարթակին, շնորհաւորելով Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը։
• Մոսկուան հայ-ռուսական երկխօսութեան օրակարգին մէջ առաջնահերթ ուշադրութիւն կը դարձնէ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն։
• Ատրպէյճան կը շարունակէ ոչնչացնել հայկական ժառանգութիւնը։
• Իսրայէլ կը շարունակէ յարձակումներ կատարել Լիբանանի տարբեր շրջաններուն ուղղութեամբ։
• Եգիպտոսը Արաբական արտակարգ գագաթնաժողով մը հրաւիրած է Կազայի հարցով։





