ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 24 Մայիս. 2024

Այսօր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը պաշտօնապես ստանձնեցին Հայաստանի հանրապետութեան պետական սահմանի Տաւուշ մարզի Բերքաբեր բնակավայրի 1․9 քիոմեթր, Ոսկեպար եւ Բաղանիս բնակավայրերու 4․9 քիլոմեթր հատուածներուն պահպանութիւնը։

Հայաստանի մէջ վերջին զանգին առիթով՝ Կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց աշակերտներուն, մաղթելով իրենց բարի երթ։

Իրանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը հրապարակեց նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի արկածին հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:

Գանատայի խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած է «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը։

Back to top button