Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 02 Ապրիլ. 2024

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը Ապրիլ 1-ի՝ ժամը 22:00-ին՝ Գեղարքունիք մարզի Կութի եւ Ապրիլ 2-ին՝ 00:40-ին՝ Սիւնիք մարզի Տեղ հատուածին կրակած են հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Յայտնեց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը։ Ամերիկան կը նախազգուշացնէ եւ շարունակելու է զգուշացնել, որ հնչող հռետորաբանութիւնը կարող է յանգեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին լարուածութեան սրման եւ ռազմական գործողութիւններու։ Հայաստան-Եւրամիութիւն-Ամերիկա կայանալիք բարձր մակարդակի հանդիպման առանցքը հայ-ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը չէ, լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նշած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր։ Այսօր՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի տարելիցն է: 8 տարի առաջ՝ 2016 թ․ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը յարձակեցան Արցախի վրայ։

Կարդացեք նաև

Back to top button