Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 19 Փետրուար. 202

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր եւ արդիւնաւէտ համարեց Միւնիխի մէջ կայացած անվտանգութեան համաժողովին մասնակցութիւնը: Աւելի քան կէս տարուան դադարէն յետոյ Գերմանիոյ վարչապետ՝ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ շաբաթ օր բանակցեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարմերը։ ՆԱԹՕ-ն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերություններու կարգաւորման։ Այս մասին X-ի մէջ գրած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինան։ Փետրուարի 19-ը Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է: 2008 թուականէն Թումանեանի ծննդեան օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի որպէս գիրք նուիրելու օր։

Կարդացեք նաև

Back to top button