
31 գերի զինծառայող, եւ Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղէն գերի տարուած 1 զինծառայող արդէն Հայաստան են: Անոնք նախնական բժշկական զննում անցած են եւ ապա միացած իրենց հարազատներուն։
Հայաստանը պատրաստակամութիւն յայտնեց երկաթուղային ու ճանապարհային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Վարչապետը իրատեսական համարեց մօտ ապագային Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելը , ըսաւ Վարչապետը «Ծով ելք չունեցող երկիրներու» նախարարական հանդիպման բացման արարողութեան իր ելոյթին մէջ։





