
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Գերմանիոյ Պունտեսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան շարունակական զարգացումն ու ամրապնդումը:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարները երկկողմ համագործակցութեան մասին փաստաթուղթեր ստորագրեցին։ Սուրէն Պապիկեան եւ Սեբաստիէն Լըքորնիւ քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին յայտարարած է, որ Հոկտեմբեր 25-էն 27 Հայաստան պիտի այցելէ ՝ խորացնելու Գանատա-Հայաստան երկկողմ կապերը, կը հաղորդէ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։





