Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 02 Մայիս. 2023

Ուաշինկթընի մէջ կայացաւՀայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէկճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պարյամովի հանդիպումը: Քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը։ Անդրադարձ եղած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը ապօրինի արգելափակելու պատճառտով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին:

Իսրայէլ հրթիռակոծեց Հալէպի օդակայանը, կայ 1 զոհ զինուոր եւ 7 վիրաւորներ: Հալէպի միջազգային օդակայանի աշխատանքը կասեցուած է: Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները Հալէպի մերձակայքին յաջողած են խոցել իսրայէլի հրթիռներէն քանի մը հատը։ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ Համբարսընի անուան հիմնադրամը 450,000 տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է նեցուկ կանգնելու համար ուսումնասիրական, հրատարակչական եւ հանրային գործունէութեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button