
Հայաստանի մէջ իգական սեռի ներկայացուցիչները պիտի կարենան կամաւոր հիմունքներով ներգրաւուիլ պարտադիր զինուորական ծառայութեան մեջ։
Համապատասխան օրէնքներու նախագիծերը հաւանութեան արժանացան կառավարութեան 21 Ապրիլի՝ այսօրուան նիստին։ 6 ամիս ծառայութենէն վերջ կանայք պիտի ստանան պատւոյ վճար՝ 1 մլն․ դրամի չափով։
Այսօր արաբական աշխարհը կը տօնէ իյտ ալ ֆթըր իսլամական սուրբ տօնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Արաբական աշխարհի ղեկավարներուն մաղթելով ժողովուրդներուն՝ յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն: Սթամպուլի նահանգապետարանը կրկին արգիլած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառում կատարել։
Կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական Ակօսը, Սթամպուլի նահանգապետարանը մերժած է նախաձեռնող խումբի յայտը Ապրիլի 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած սուգի միջոցառում իրանակացնելը։ Խունկ ու աղօթք՝ 1,5 միլիոն մեր հայ նահատակներու յիշատակին․․․




