
Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան դարձաւ՝ Գոռ Սահակեանը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան 67 քկ․ քաշային կարգով , 19 տարեկան Գոռ Սահակեանը նուաճեց ոսկի մետալ։ Հայաստանի Կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը մտահոգութեամբ ընդունեց Ծանրամարտի Եւրոպայի 2023 առաջնութեան բացման արարողութեան ժամանակ Ատրպէյճանի պետական դրօշակի հետ կապուած միջադէպը:
Նախարարութիւնը այդ առիթով յայտարարութիւն տարածեց՝ նշելով, որ միջադէպը, Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը չարտայայտեր եւ դատապարտելի է սփորթային արժէքներու եւ արդար խաղի համընդհանուր սկզբունքներու տեսանկիւնէն: Կրթութիւնը առանցքային արժէքներէն մէկը եղած է միշտ՝ Հրայր Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամին համար։ Հիմնադրամը Վիլանովայի համալսարանին մէջ ստեղծեց բարեգործական հիմնադրամ՝ Վիլանովա համալսարանի շրջանաւարտ լուսահոգի Հրայր Յովնանեանի անունով:
Հիմնադրամը հայ և օտար ուսանողներուն կը տրամադրէ կրթաթոշակներ՝ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ որակեալ կրթութիւն ստանալու համար:




