Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 06 Մարտ. 2023

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածեց՝ հերքելով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան լուրը, թէ՝ իբր գիշերը Հայաստանի Զինուած ուժերը կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, սա հերթական ապատեղեկութիւն է ։ Երէկ Արցախի մէջ ատրպէյճանցիները երեք ոստիկաններ սպաննած են , իսկ մէկը ծանր վիրաւորուած:

Ըստ Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան, առաւօտեան՝ ժամը 10-ին ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցած խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ կրակած են Արցախի ոստիկանութեան մեքենային վրայ: Մօտակայ դիրքերուն եղած Պաշտպանութեան բանակի ու ոստիկանութեան ծառայողներու ինքնապաշտպանական գործողութիւններուն հետեւանքով ատրպէյճանական կողմը եւս ունի զոհեր ու վիրաւորներ։

Պաշտօնական Երեւանը շեշտեց՝ որ փաստերը կը վկայեն, որ ատիկա նախապէս ծրագրուած եւ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հրահանգած սադրանքն է: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն», — յայտարարեց Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կարդացեք նաև

Back to top button