
16-17 Յունուարին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Վիեննա՝ կը մեկնի մասնակցելու Հայաստանի նախաձեռնած ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին, որտեղ հանդէս պիտի գայ ելոյթով։
Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի բեռնատարը Հայաստանէն Առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած դեղորայքն ու այլ պարագաները տեղափոխած է Արցախի բժշկական հաստատութիւններ։ Կը տեղեկացնէ Կարմիր խաչ միջազգային կազմակերպութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին։
Լաչինի միջանցքի արգելափակման առնչութեամբ պէտք է գործողութիւններ ձեռնարկել: Twitter-ի մէջ գրած է բժշկագիտութեան ոլորտի նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան: «Հարկաւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը ուշադրութիւն դարձնէ հայերու դէմ Ատրպէյճանի կառավարութեան անմարդկային գործողութիւններուն: Շատեր քննադատեցին շրջափակումը, սակայն պէտք է գործողութիւններ ձեռնարկել», — գրած է Փաթափութեան։





