ԿարևորՀասարակություն

Սփիւռքը ներգրաւել ռազմավարութիւն մշակելու մէջ․ Դոկտ Ռազմիկ Փանոսեան

2022 թուականի Հայկական համաշխարհային գագաթնաժողովին՝  Հայաստանի մէջ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի պրն. Զարեհ Սինանեանի հրաւէրով , Հոկտեմբեր 28-էն 31  գագթնաժողովին որպէս դասախօս հրաւիրուած էր Փորթուկալէն Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան։

«Այս անգամ գագաթնաժողովը տարբեր էր նախորդներէն այդ  պատճառով որ՝ նախ քննարկումները մասնագիտական գետնի վրայ էր ու հետաքրքրական։ Որոշ թիւով մարդիկ, որոնք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ են, բացակայ էին, աւելին երիտասարդներ ու մասնագէտներ էին, տարբեր մթնոլորտ էր ու շատ հետաքրքրական, ուրախ եմ, որ ներկայ գտնուեցայ»,-մատնաշեց դոկտ․ Փանոսեան։ 

ՀՀ սփիւռքի գործերի գլխավոր հանձնակատար Զարեհ Սինանեան 10 Նոյ․ի Կառավարութեան նիստէն յետոյ՝ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին, անդրադարձաւ այն հարցումին թէ Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովը ինչ պիտի  տայ Հայաստանին:

«Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովի նպատակը ոչ միայն Հայաստանին շահաւէտ վիճակի հասցնելն է, այլ նաեւ Սփիւռքին: Երկակի շահոյթ պէտք է ըլլայ, որ այդ յարաբերութիւնները մնայուն ըլլան»,-ըսաւ  Զարեհ Սինանեան:

Ի՞նչ ակնկալիքներ Հայաստանէն, հարցումիս  Դոկտ․ Փանոսեանի մօտեցումը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կապակցութեամբ տարբեր է։ Այստեղի մօտեցումը, թէ ի՞նչ կրնանք ընել , որ սփիւռքը Հայաստանին կապենք, որ սփիւռքը հայաստանին օժանդակէ։  Մեր հիւրը այս կապը հակառակ ուղղութեամբ կը դիտէ, ան  աւելի սփիւռքակեդրոն մօտեցում ունի, թէ մենք ի՞նչ կրնանք ընել, որ սփիւռքը ամրապնդենք, սփիւռքը զարգացնենք։

«Չի մոռնանք, որ մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սփիւռքի մէջ է, սփիւռքն է, որ մեր ազգային ինքնութիւնը պատմականօրէն կերտած է։ Այո, կոնկրետ  յստակ ակնկալումներ կան պետութենէն, որ ան սփիւռքը քիչ մը աւելի հասկնայ, որ սփիւռքը ներգրաւէ ռազմավարութիւն մշակելու մէջ։ Կամ Արեւմտահայերէնի պարագային օրինակ, ինչո՞ւ պետական կայքերու մէջ նաեւ  Արեւմտահայերէնը  չըլլայ։

1375 էն ի վեր` այսինքն 647 տարուան մէջ մենք 33 տարի պետութիւն ունեցած ենք , մինչդեռ 1000 տարուայ սփիւռք ունինք, մեր ազգային ինքնութիւնը կերտուած է Պոլիս, Թիֆլիս, Վենետիկ, Վիեննա ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ։ Սփիւռքը 20-ական թուականներէն ի վեր կերտեց իր սփիւռքեան ինքնութիւնը, հաստատութիւնները, կազմակերպութիւնները, եկեղեցին եւ ինքզինքը պահեց հայ  առանց պետութեան, անցեալէն սորվինք մտածենք եւ կուրօրէն չի գինովնանք պետականութեամբ։ Այո պետութիւնը, բանակը , շատ կարեւոր է, բայց մեր ազգային պատմութեան մէկ մասնիկն է պետութիւնը։  Կեդրոնը չէ յուսանք որ կ՛ըլլայ․․»  

Ըստ Դոկտ․ Փանոսեանի կարեւոր է տեսլական մը ունենալը, աշխատիլը եւ գործընկերներ գտնելը․ գաղտնիքը այն է , թէ ամէն մարդ իր գործը ընէ։ Ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ իր ծրագիրը ունի, վեհափառ հայրապետը 2022 տարին Սփիւռքի տարի հռչակեց։ Այդ կաթիլները քով-քովի բերելով կրնայ գետ մը դառնալ։ Շարունակենք մեր գործը եւ ուրիշներ ալ շարունակեն իրենց գործը։

Մէջբերեմ՝ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը աշխարհի վրայ կ՛իրականացնէ թեքնաբանական նորութիւններ, ինչպէս  ուղղագրական սրբագրիչը, թարգմանութիւններ եւ յատուկ ծրագիրներ կը մշակէ Արեւմտահայերէնի  պահմանութեան գործին համար։

«Հայաստանի մէջ կառոյց մը կամ մտածելակերպ մը կայ, որ լուրջի չառներ Արեւմտահայերէնը  եւ մեր ամենամեծ մարտահրաւէրը ատիկա է, որ Արեւմտահայերէնը բարբառ մը չէ, այլ մեր լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի, ինքնութեան երկու ճիւղերէն մէկն է։ Աս հասկացողութիւնը եթէ փոխուի, եթէ այս հասկացողութիւնը ամրապնդուի,  որ Արեւմտահայերէնը  բարբառ մը չէ։  Կը յուսանք, որ մեր Հայաստանի գործընկերները կը քաջալերեն այդ տեսակի փոփոխութիւնը»,- անկեղծօրէն  ասպէս  աւարտեց իր Խօսքը Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան՝ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի ներկայիս տնօրէնը։

 Անի Զէյթունցեան

Կարդացեք նաև

Back to top button