ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 4. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ տարածել ապատեղեկութիւն. գիշերը հայկական կողմէն կրակ չեն բացած հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ ։

Եւրոպական Միութիւնը բարձր գնահատեց կառուցողական մթնոլորտըՊրիքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային յանձնաժողովներու 3-րդ նիստին: Եւրամիութինը յայտարարութիւն տարածեց ․ « Եւրոպական Միութիւնը բարձր կը գնահատէ կառուցողական մթնոլորտը, եւ կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ աշխատանքը շարունակելու սահմանային խնդիրները լուծելու, ինչպէս նաեւ անվտանգային իրավիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու հարցը դիւրացնելու երկխօսութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստի՝ 2023ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին յայտնեց, որ այդ առումով կրնայ յառաջընթաց արձանագրուիլ յառաջիկայ տարի այսինքն 2023-ին:

Կարդացեք նաև

Back to top button