
Այսօր Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան 23-րդ տարելիցն է ։ Հայաստանի կառավարութեան նիստի սկիզբը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան։ «Ահաբեկչութիւնը յարձակում էր Հայաստանի Հանրապետութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան, ժողովուրդի կողմէն ընտրուած իշխանութեան դէմ»,- շեշտեց Կառավարութեան ղեկավարը եւ խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել զոհերու յիշատակը։
Եւրամիութեան դիտորդները պարեկութիւն իրականացնելու համար գացած են հայ — ատրպէյճան սահման ։ Կը տեղեկացնէ Եւրամիութեան Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլի ղեկավարութեամբ գործող Եւրոպական արտաքին գործողութեան ծառայութիւնը:
Հայաստան 2022 թուականի Հոկտեմբեր 19-23 առանձին տաղաւարով մասնակցած է Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին: Հայաստանի տաղավարը այս տարի նուիրուած էր Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին:




