
Սիւնիքի մէջ միջազգային փորձագէտները հետաքրքուած են սահմանամերձ բնակավայրերուն վերաբերող անվտանգային շարք մը հարցերով, նաեւ ՝ Կապանի օդակայանի գործունէութեան առնչուող խոչընդոտներով։
Հայաստանի մէջ 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծով նախատեսուած է պաշտպանական պիւտճէն աւելցնել 160 միլիառ դրամով, այսպիսով` կը կազմէ շուրջ 505 միլիառ դրամ: Նախանշուած է նաեւ, որ դրամային արտայայտութեամբ պետական պարտքը կը նուազի:նդլայնուած է Արցախի առանձին շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներուն համար բնակարաններու ապահովման պետական աջակցութեան ծրագիրը, Հայաստանի կառավարութեան լրատուական ծառայութեան հետ հարցազրոյցին մէջ յայտնեց Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Դաւիթ Խաչատրեան։




