
Հոկտեմբեր 10-ին՝ ժամը 22:10-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Ինչպէս կը հաղորդեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն, պատասխան գործողութիւններով թշնամիի կրակը լռեցուած է:
Բարեբախտաբար Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք դուրս բերուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, իսկ առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճամբով: Վերահաստատած է Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակի խորհրդական ՝ Տիկին Տիւմօն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման։
Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ` միաժամանակ ձեռնարկելով անվտանգութեան անհրաժեշտ եւ հասանելի միջոցներ: Յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան: Հոկտեմբեր 10-ին Քիեւի ռմբակոծումներէն Հայաստանի դեսպանատան շէնքը չէ վնասուած




