
Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյանի եւ Ամերիկայի պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հեռախօսազրոյցը:
Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը կը շարունակէ կարեւոր նկատել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու դերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հայրապետական այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատու համակարգէն՝ նշելով, որ այցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողան 18-19 Յուլիսին՝ նախատեսուած Իրան այցի ընթացքին կ՛ակնկալէ երկկողմ բանակցութիւններ ունենալ ռուս գործընկերոջ Վլատիմիր Փութինի հետ, կը փոխանցէ Ռիա Նովըսթին։




