ԿարևորՀասարակություն

Բան մը փոխելու ինքնավստահութիւն տալ. բացառիկ հարցազրոյց World Vision Armenia տնօրէնին հետ

World vision կազմակերպութիւնը կը ծառայէ աշխարհի 100-էն աւելի երկիրներու մէջ երախաներու եւ անոնց ընտանիքներու բարեկեցութեան։ Հայաստանի մէջ գործունէութիւնը սկսած է 1988-ին երկրաշարժէն հետոյ , այսօր կազմակերպութիւնը ունի գրասենեակներ Հայաստանի 6 մարզերուն մէջ։ Զրուցակիցս՝ World Vision Armenia կազմակերպութեան տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանն է։

World Vision կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ գրեթէ 30 տարիէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ , այս օրերուն մեծ մասամբ աշխատանքները կեդրոնացուցած է խոցելի երախաներու կեանքը բարեփոխելու , տարուած աշխատանքները տարբեր բնոյթի են, ինչպէս կը պատմէ հիւրս՝ աշխատանքները ուղղակի ընտանիքներուն հետ , պետութեան հետ,  համայնքներուն հետ , համայքային կազմակերպութիւններուն եւ տեղական իշխանութիւններուն հետ ։

Կարգ մը ծրագիրներ կը նպատակադրեն համակարգային բարեփոխումներ իրականացնել Հայաստանի մէջ ։ Անոնք կ՛աշխատին կառավարութեան մատուցած ընկերային ծառայութիւնները հասանելի դարձնել նոյնիսկ ամենահեռաւոր գիւղերուն մէջ։ Հայաստանի մէջ կայ մինչեւ 18 տարեկան 720,000 երախայ , որոնց 34 տոկոսը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ, այսինքն իւրաքանչիւր 3 երախայէն 1-ը աղքատութեան մէջ կ՛ապրի։ Մարզերուն մէջ աղքատութեան տոկոսը աւելի շեշտուած է, կը տեղեկացնէ World Vision Armenia կազմակերպութեան տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեան։

Մարզերուն մէջ ծառայութիւններէն օգտուիլը աւելի դժուար է , մարզերուն մէջ կայ առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելու պակաս, կրթական միջավայրի պակաս, եւ ընդհանրապէս կայ մասնագէտներու պակաս։ Սոյն կազմակերպութիւնը կը ջանայ երախաներու կեանքի բարեփոխման եւ կը տանի տարբեր բնոյթի աշխատանքներ ։

 «Մեր առաքելութիւնը երախաներուն դուրս հանել իրենց աղքատութենէն, իրենց իրաւունքները պաշտպանել բոլոր վայրերուն մէջ , հասանելի դարձնել բոլոր տեսակի ծառայութիւնները երախաներուն, երախաներուն տալ ապրելու ամելաւ պայամանները։ Մենք 120,000 երախաներու ծառայութիւն մատուցած ենք։ Այս տարի եւս կը հասնինք 120,000-ի շեմին» ։ Պրն․ Տուտագլեան կ՛աւելցնէ․ «Անցնող տարիներուն Եւրոպական միութեան եւ կառավարութեան հետ համատեղ աշխատանքներու շնորհիւ , կարելի դարձուցինք   աւելի քան 500 երախաներ որբանոցներէն հանել եւ վերադարձնել   իրեց ընտանիքներուն», կ՛ըսէ Ռաֆֆի Տուտագլեան։

Խօսելով կազմակերպութեան հեռանկարներու մասին, մեր հիւրը ընդգծեց․ աշխարհի չորս կողմերէն ունինք հովանաւորներ կարեւոր մէկ մասը կ՛երթայ միջավայրին , համայնքին ինչպէս օրինակ դպրոցի նորոգութեան , դարմանատուներւ նորոգութեան , համայնքային կեդրոնի ստեղծման եւ ծառայութիւններու բարելաւման ։ Հիմա մենք պիտի հայկականացնենք, մենք պիտի դառնանք հայաստանեան կազմակերպութիւն, պիտի ըլլանք World vision մեծ ընտանիքի մաս՝ Հայաստանի երախաներու պաշտպանութեան համար։

Հայկական կազմակերպութեան աշխատանքները պիտի կեդրոնացնենք սահամանամերձ գիւղերուն վրայ, գլխաւորաբար Վարդենիս, Ճամբարակ , Սիւնիք մարզի Կապան, Սիսիան եւ Տաւուշ մարզի Նոյեմբերեան․․ ։

18 տարի առաջ իր ընտանիքով Հայաստան տեղափոխուած Ռաֆֆի Տուտագլեան, իր գոյութիւնը հայրենիքի մէջ բախտաւորութիւն կը համարէ հաւատալով , որ հայութեան բնական միջավայրը Հայաստանն է։ Ան պատեհ առիթ համարելով հանրային Ռատիոյէն կոչ ուղղեց սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն եւ յորդորեց սիրել հայրենիքը առանց նախապայմաններու ․ պիտի սիրենք եւ Հայաստանը պիտի դասենք ամէն բանէ վեր, «Հայաստանը պիտի դասենք ամէն բանէ վեր։» Այս խօսքերը կրկնելով աւարտեցինք մեր զրոյցը։

Կարդացեք նաև

Back to top button