Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 31. 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի սկիզբը շնորհաւորեց բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան մետալներ նուաճած հայ մարզիկները:

Ան յաւելեց, որ յաջորդ տարի Հայաստանը կ՛ընդունի ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այն եւս կանցնի բարձր մակարդակով: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան անդրադարձաւ ընդդիմութեան գործողութիւններուն եւ Յունիս 3-ի արտահերթ նիստին «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան չմասնակցելու մասին յայտարարութեան։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակելու մասին տեղեկութիւնները։ Նախարարութենէն յայտնած են, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճան սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է։

Կարդացեք նաև

Back to top button