Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս. 25.08.2021

Այսօր սկսաւ պահեստազօրքի եռամսեայ հաւաքը։ Օգստ․ 25-էն Նոյ․ 25, կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մասնակիցները կրնան միանալ նաեւ մարտական հերթապահութեան, եւ կը ստանան ամսական աշխատավարձք կապուած զինուորական կոչումէն։

Յաջորդ եռամսեայ վարժական հաւաքը Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Սեպտ․ 15-էն մինչեւ Դեկտ․ 15:
Այսօր Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ժամանակ հերթական տհաճ միջադէպը արձանագրուեցաւ։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի ելոյթի ժամանակ անոր վրայ դահլիճէն շիշ նետեցին, երբ Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ բոլոր պաշտպանութեան նախարարները, որոնց ժամանակ փողով կամ զանգով բանակէն անձեր ազատած են, հայրենիքի դաւաճան են։

Իրավիճակը լարուեցաւ, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան անվտանգութեան աշխատակիցները հրաւիրեց դահլիճ եւ ընդմիջում յայտարարեց:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտ․ 8-ին պաշտօնական այց պիտի կատարէ Վրաստան:

«Չեմ կրնար չյիշատակել վարչապետ Ղարիպաշվիլիի անձնական ներդումը Յունիսի 12-ին մեր գերիներու վերադարձը կազմակերպելու գործին մէջ»,- ըսաւ Փաշինեան:

Կարդացեք նաև

Back to top button