
Առաջնահերթ գերակայութիւն է՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձը. ըսած է Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեան Եվրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհէյի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ: Հայաստան երախտապարտ է Եվրամիութեան համաճարակի դէմ պայքարին, Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմէն տուժած մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու նպատակով տրամադրուած մարդասիրական աջակցութեան համար։
Այսօր Սահամնադրական դատարանը սկսած է նիստը ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու վերաբերեալ գործով, Դատարանը միաւորած է «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւններու դիմումները եւ քննելու է նոյն նիստւն:
Հայաստանի մէջ գտնուող օտարերկրեայ քաղաքացիները կամ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերը պատուաստումներու համար՝ Յուլիս 9-էն, կրնան պատուաստուիլ COVID-19-ի դէմ միայն Երեւանի մէջ` Հիւսիսային պողոտայ, Տալմա Մոլ, Մեգա Մոլ, Ռոսիա Մոլ եւ Կասկադի յարակից տարածքին՝ շարժական պատուաստումային կէտերուն : Կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն։





