
Ռաֆլին Սարգիսեան, 27 տարեկան, Փլովտիւ՝ Պուլկարիայէն, ընդամէնը 3 ամիս է, որ կը հետեւի Անի Տաքէսեանի Արեւմտահայերէն լեզուի առցանց դասընթացքին։
«Ինծի համար հայերէն սորվիլը եւ լեզուին լաւ տիրապետելը կոչ մըն է, որ կուգայ իմ հոգիիս խորերէն , այդ մոմն է , որ կը վառեմ իմ նախահայրերուս յիշատակը կենդանի պահելու համար եւ կ՛ուզեմ զայն փոխանցել ժառանգորդներուս»,- կ՛ըսէ Ռաֆլին։
Անի Տաքէսեան կը պատմէ, թէ ինչպես համավարակը փոխեց ուսուցման ձեւը։
«Համաճարակը տարբեր երեւոյթ մը ստեղծեց համայն աշխարհի մէջ։ Կրթական համակարգը հսկայական փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ եւ վերածուեցաւ առցանց դասաւանդումի տիրող համաճարակի պայմաններէն ելլելով։ Ստիպուած մշակեցինք այդպիսի ծրագիրներ, որպէսզի պատշաճ ըլլայ այս իրականութեան»։
Լիբանանի Հայկազեան համալսարնէն վկայեալ , հայոց լեզուի յաջողակ մասնագէտ՝ Անի Տաքէսեանն է մեր հիւրը, Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռէն, որն այժմ հաստատուած է Երեւան եւ կը զբաղի Արեւմտահայերէնի ուսուցմամբ հայ եւ օտար աշակերտներուն։ Անին հիմնարար դեր ունի ուսուցման աշխատանքը արդիւնաւէտութեամբ պահպանելու, իսկ թէ ո՞րն է իր ռազմավարութիւնը․
Անին պատասխանեց․ «Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ լեզուն մեր տունն է, մենք որ հայրենիք կորսնցուցինք, մեզի համար լեզուն դարձաւ մեր հողը․ լեզուն միակ վահանն է, որ մեզ հայ կը պահէ սփիւռքի տարածքին մէջ։ Պէյրութն ու Հալէպը զոյգ մայրաքաղաքներն էին, հիմնական հնոցները Արեւմտահայերէնի պահպանման։ Ներկայիս այս քաղաքները վտանգուած են, վտանգուած է նաեւ Արեւմտահայերէնը։ Որպէս ռազմավարութիւն հիմանական նպատակը այդ է, որ աշխատինք փոխանցել լեզուի նրբութիւնները, գեղեցկութիւնները մեր աշակերտներուն եւ իրենց մէջ սէր արթնցնենք»։
Ան նաեւ Արեւմտահայերէն կը դասաւանդէ Երեւանի Աւետիսեան դպրոցին մէջ միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններուն համար, որը միակ դպրոցն է Հայաստանի մէջ, զոր Արեւմտահայերէն կը դասաւանդէ։ Մեր հիւրը ակնարկեց, որ բաղդատական եզրերը շատ են ու խորունկ Երեւանի եւ Լիբանանի դպոցներուն միջեւ։
«Կարգ մը աշակերտներ կ՛ըսէին ․ ինչու Արեւմտահայերէն սորվիլ, երբ լաւ կը տիրապետենք Արեւելահայերէնը․ ուրիշներու մօտ կար , հետաքրքրութիւն հանդէպ հայ գրականութեան եւ լեզուի զարգացման»։
Վերջին ամիսներուն Անին միացած է «Նաթաքալլամ» առցանց խմբակին, որտեղ լեզուներ կը սորվեցնեն․ «ինծի համար հետաքրքրական աշխարհ է․ հոն ունեցայ տարբեր երկիրներէն աշակերտներ, որոնք արմատներով հայ են , բայց բացարձակապէս ծանօթ չեն լեզուին»։ Արեւմտահայերէնը հարուստ լեզու է, ունի հարուստ բառապաշար։ Պէյրութի մէջ բացարձակ չէինք ուզեր օտար բառ գործածել․ մեզի՝ Պէյրութի մէջ անմիջապէս կը հրամցուէր օտար բառին նորաստեղծ հայերէն տարբերակը եւ մենք կը կիրառէինք այդ մէկը։ Մինչ Հայաստանի մէջ յաճախ կը լսեմ օտար բառեր նոյն արտասանութեամբ , բայց հայատառ գործածութեամբ։
Մեր զրոյցի ընթացքին… թէ արդե՞օք Արեւմտահայերէնը փակ լեզու մըն է հարց տուի,-
«Ես կ՛ըսեմ կենդանի լեզու է, այո վտանգուած լեզուներու շարքին է, սակայն մենք ենք, որ անոր գոյատեւումը պիտի երաշխաւորենք, մենք ենք, որ այդ լեզուի գործածութեամբ լեզուն պիտի պահենք։ Մեզմէ շատ բան կախուած է, պիտի պայքարինք լեզուն պահելու եւ այո, մենք ենք, որ պիտի պահենք սորվելով սորվեցնելով եւ զարգացնեով»,- ըսաւ Արեւմտահայերէն լեզուի 30 տարուան փորձ ունեցող յաջողակ մասնագէտը` զինուած լաւատեսութեամբ ու խանդավառութեամբ՝ հաւատալով, որ մենք ենք պահապանողը այդ լեզուն, որը շատ հարուստ ու գեզեցիկ է։




