Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբերի 22, 2020

Հայրենիքի փրկութեան շարժման մաս կազմող տարբեր անհատներ եւ կազմակերպութիւններ Երեւանի տարբեր հատուածներէն երթով շարժեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ:

17 ուժերու կողմէն այս օրը յայտարարուած է իբրեւ իրենց պայքարի ամենավճռական օրը: Կոչ ուղղուած է բոլորին դիմել գործադուլի եւ դասադուլի, միանալ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջքով անհնազանդութեան գործողութիւններուն:

Անդրադառնալով առկայ քաղաքական իրավիճակին՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին գրած է նշելով, որ ամէն ինչ ընելու է, որպէսզի ժողովուրդը իր խօսքը ըսելու հնարաւորութիւնը չկորսնցնէ:

Վարչապետը նաեւ գրած է, որ իրական հակադրութիւնը ոչ թէ կառավարութեան և ընդդիմութեան միջեւ է, այլ 2018 թուականին արտօնութիւններէն զրկուած «էլիտայի» եւ ժողովուրդի: Բայց այս պահուն մեզի համար առաջնահերթութիւնը Հայաստանի և Արցախի արտաքին անվտանգութեան ապահովումն է և նշուած գործողութիւններուն՝ արտաքին անվտանգութիւնը որեւէ կերպ պէտք չէ հարցականի տակ դրուի»,- նշած է վարչապետը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ տարածուող լուրերը, թէ հրահանգ եղած է Տաւուշի մարզի երկու գյուղերէն դուրս բերել զօրամիաւորման ստորաբաժանումները եւ թէ իբր գիւղերը պիտի անցնին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Կարդացեք նաև

Back to top button