Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբերի 08, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցով կը մեկնի Փարիզ, որտեղ բանակցութիւններ կը վարէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։

Կը նշուի, որ այցի շրջանակներուն մէջ Այվազեան հանդիպումներ կ՛ունենայ նաև Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիվապոյի և ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլայի հետ:

Նախարար Այվազեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի յայտարարութեան․ «Անգարան կարիք ունի վերանվաճելու մեր վստահութիւնը, որը կորսուած էր այս ամբողջ ժամանակի ընթացքին: Կը տեսնենք, թե ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ միջազգային հանրութեան վստահութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ Անգարան: Ատկէ յետոյ միայն կը գնահատենք, թէ որքանով անկեղծ են անոր խօսքերը Հարաւային Կովկասի նոր փուլի վերաբերեալ»,- ըսած է նախարար Այվազեան:

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ «Չեն կարծեր, թէ պէտք է պարտադիր պատուաստումներու ճանապարհով երթալ»։ Աւելի վաղ նման տեսակէտ յայտնած էր Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ծրագրրի տնօրէն Մայքլ Ռայան:

Կարդացեք նաև

Back to top button