
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցելութեամբ Միւնիխ մեկնած է։ Վարչապետը կը մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան։
Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան անդրադարձած է, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճան կրկին յարձակելու է Հայաստանի վրայ։ Մարուքեան X -ի մէջ նշած է, որ Ատրպէյճանը չունի որեւէ օրինական հիմք՝ Հայաստանի վրայ յարձակելու համար։
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան կարիքներուն համար ծառայութեան ձեռքբերման մրցոյթի ընթացքին կատարուած չարաշահումներուն վերաբերեալ 8 անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է : 5-ը Տնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձեր են։





