ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 21, 2021

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Եվրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, Նաթալի Լուազօն: Փաշինեան կարեւոր նկատեց Եվրախորհրդարանի ընդունած վերջին բանաձեւը, ուր ընդգծուած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդիրն ու շեշտադրումներ կատարուած տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան։

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ճափոն: Նախագահը ներկայ պիտի գտնուի Թոքիոյի մէջ կայանալիք ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման պաշտօնական արարողութեան:

Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը տեղեկացնէ՝ հարկ վճարողներու հաշուարկներուն հիման վրա ամփոփուած՝ 2021 թուականի Յունիս ամսուան ցուցանիշները: Աշխատատեղերու թուաքանակը կազմած է շուրջ 643 հազար, որը աւելի է , 2020 թուականի Յունիս ամսուան համեմատութեամբ` 34 հազարով, 2019 թուականի Յունիս ամսուան համեմատութեամբ` 37.5 հազարով, իսկ 2018 թուականի համեմատութեամբ` 80 հազարով:

Back to top button