Հայրենադարձի արկածները

Մեր ուժը Հայաստանն է, Հայաստանի մէջ է, որ դպրոցները կը բարգաւաճին իսկ սփիւռքի մէջ դպրոցները կը նօսրանան․ Աւետիս Ափոշեան․ «Հայրենադարձի արկածները»

Աւետիս Ափոշեան Առաջին Ալիքի լրատու և Երևանի Պետական Համալսարանի դասախօս է։  12 տարի առաջ՝ ան Հայաստան հաստատուած եւ պահպանած է արեւմտահայերէնը հակառակ արեւելահայերին լաւ տիրապետելուն, բառերու տարբերութիւնները լեզուի 2 ճիւղերուն մէջ Աւետիսին համար տեսակ մը համ ու հոտ են։

Օրինակ՝ արեւմտահայերէնի մէջ «ատեն» բառը, որը ժամանակ ցոյց կու տայ կամաց կամաց կորստեան կը մատնուի, Աւետիս անդրադարձաւ սոյն բառերու տարբերութիւններուն ըստ գործածութեան։

Օրինակ՝ սրբիչ եւ ռետին, անձեռոց եւ սրբիչ, փողկապ եւ վզկապ․․եւ այլն։ 

Ան նկատել տուաւ որ կամաց կամաց օտար բառերու մաքրում տեղի կ՛ունենայ, մեր ուժը Հայաստանն է, հայաստանի մէջ է, որ դպրոցները  կը բարգաւաճին իսկ սփիւռքի մէջ դպրոցները կը նօսրանան։

Արեւմտահայերէնի գործածութեան կարելի է աւելի ուշադրութիւն դարձնել, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր աւանդական կուսակցութիւններն ու եկեղեցին այս ուղղութեամբ աշխատանք չեն տարած արեւմտահայերէնին կարգավիճակ մը տալու համար։ Անշուշտ համաժողվներ շատ տեղի ունեցած են, բայց մնացած են այդ ժողովներու ծիրէն ներս։
Արեւմտահայերէնը՝ որպէս գոյութիւն ունեցող գրական լեզու, ինչպէս նաեւ  դասական ուղղագրութիւնը, համահայկական  արժէքներ են, այս բոլորը արժէ պահպանել առանց զատողութիւն դնելու։

Հայաստանի մէջ ծնած հայը նոյնպէս կրնայ իրեն գեղարուեստի կամ գիտութեան աղբիւր՝ բանալ գրականութիւնը արեւմտահայերէնով եւ կարդալ։ Այս շարժումը եթէ զարգանայ այդ սառոյցը կը կոտրուի, օտար բառերու տեղ հայերէն համարժէքներոը գործածելը՝ առաջին քայլն է երկու լեզուները մերձեցնելու։

Այսօր Նոր ճամբաներ կը կուպրապատուին փոխանակ ըսելու կ՛ասֆալտապատուին։ Աւետիսի յորդորն է՝ որ աւեի շատ սփիւռքահայեր գան եւ մասնակից  դառնան Հայաստանի բարեփոխութիւններուն, ան կ՛ուզէ որ սփիւռքահայերը հայրենաշինութեան մասնակից դառնան եւ առաջին քայլը ըստ մեր հիւրին որոշում կայացնել եւ գալն է Հայաստան։

Կարդացեք նաև

Back to top button