
«Աւանադական սփիւռքը կը բաղկանայ այն շառաւիղներէն, որոնք ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած տարագիր արեւմտահայութեան բեկորներն են, որոնք համայնքներ կազմեցին։ Արդարութեան պայքարը մեր ինքնութեան գլխաւոր բաղադրիչն է, ինչպէս ըսած էր տոքթ․ Վահագն Տատրեան՝ մեր հայկական ուսուցման հիմնական կորիզը պէտք է ըլլայ անարդարութեան դէմ պայքարը»,- ըսաւ բանաստեղծ-հրապարակագիր տիկին Երան Գույումճեան ։
Լեզուն ինքնութեան յենասիւնն է, լեզուն մեր նկարագիրն է, մեր պատմութիւնը, կը պնդէ տիկին Գույումճեան։ Արեւմտահայերէնի պարագային ալ արեւմտահայութեան շունչն ու ոգին է, զոր պէտք է պահպանենք աչքի լոյսի պէս, որովհետեւ հայ դպրոցն է, որ Սփիւռքի մէջ պիտի պահպանէ մեր ինքնութիւնը եւ Հայոց լեզուն մեր ինքնապահպանման գլխաւոր զէնքն է. ոչ թէ դպրոցներ փակենք, ինչպէս Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութիւնը՝ 200-է աւելի դպրոցներ փակուեցան։

«Կոմիտաս կը լսես, ոգին կ՛առնես եւ ատիկա քեզի հայ կը պահէ, ոգին ուրկէ՞ կու գայ․․. Արարատը մեր խորհրդանիշն է , Արարատը պիտի ըլլայ մեր տեսլականը»։
Տիկին Երանի կարծիքով՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայկական գագաթնաժողովը փորձեց հայութիւնը համախմբել։ «Լաւ կազմակերպուած էր , այս արժէքներու խառնաշփոթին մէջ, մենք որքան ամուր պէտք է կանգնինք մեր պետականութեան հզօրացման շուրջ, միասնականութեան մէջ է մեր ուժը։ Հայութիւնը լայն հնարաւորւթիւններ ունի, բայց մէկ բանի մէջ թերացած է․․. ինքնակազմակերպուիլ՝ թէ սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի մէջ, աւելի լաւ կառչինք մեր ազգային արժէքներուն, առանց անոնց պետութիւնը կրնայ հոգեզուրկ ըլլալ, կրնայ պարզ քաղաքական միաւորի վերածուիլ։ Մենք Քայլ առ քայլ՝ հայը պիտի գտնէ ինքզինք, լոյսը կայ, մենք յաւերժի ճամբորդն ենք»,- եզրափակեց խօսքը՝ տիկին Երան Գույումճեան Կիպրոսէն։
Բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրն է՝ համահայկական գագաթնաժողովի շրջնակներէն ներս բանաստեղծ-հրապարակագիր, «Ազատ Խօսք» Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթի Խմբագիր տիկին Երան Գույումճեան։
Անի Զէյթունցեան




